2012-05-02 12:07:15

<<Ամենասուրբ Հաղորդութիւն>> Նիւթին Մասին Շրջուն Ցուցահանդէս


Լուկանոյի Առաջնորդ` գերապայծառ Կրամբա, Թագուհի հրեշտակաց եկեղեցւոյ մէջ կ'ընդունի Ամենասուրբ հաղորդութեան շրջուն ցուցահանդէսը, 2-16 մայիս 2012։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Իտալական Զուիցերիոյ մշակութային կեդրոնի կողմէ ի պատրաստութիւն Ընտանիքիներու համաշխարհային 7-րդ հանդիպումին, որ տեղի կ'ունենայ Միլանօյի մէջ յառաջիկայ 29 մայիսէն 3 յունիս։
Ցուցահանդէսը, որ ունի որպէս բնաբան. ''Ամենասուրբ հաղորդութիւնը, աննախատեսելի հանդիպումի շնորհք'', կազմուած է 36 պաստարներէ, որոնք կը նկարագրեն Ամենասուրբ Հաղորդութեան կեդրոնական դերը անհատի կեանքին մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս առթիւ գրած է. ''Ամենասուրբ հաղորդութիւնը Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պարգեւն է լաւապէս ապրելու մեր կեանքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.